Լեւոն Արոնեան Դարձաւ Աշխարհի Բաժակակիր
Հայկական ճատրակի ախոյեան Լեւոն Արոնեան դարձաւ աշխարհի բաժակակիր:
Թիֆլիսի մէջ ընթացող ճատրակի աշխարհի բաժակի խաղարկութեան եզրափակիչ խաղին Արոնեան կը մրցէր չինացի Տին Լիրենի հետ: Դասական 4 մրցումներէն ետք շախմատիստները ունէին 2-ական միաւոր եւ որոշիչ եղաւ թայ-պրեյքը:
Արագ ճատրակի առաջին խաղին Արոնեան սպիտակներով գերազանցեց մրցակիցին: Երկրորդ խաղին Արոնեանը եւս յաղթեց: Հաւաքելով 4 միաւոր` Արոնեանը 12 տարի անց կրկին դարձաւ աշխարհի բաժակակիր:
Ան աշխարհի մէջ առաջինն է, որ կը յաղթէ աշխարհի բաժակը երկրորդ անգամ:
Ան իրաւունք ստացաւ մասնակցելու 2018 թուականի Մարտ 10-28 Պեռլինի մէջ կայանալիք յաւակնորդներու մրցաշարին:
Լեւոն Արոնեան աշխարհի բաժակակիր դարձած էր 2005 թուականին: Հայ կրանտմասթըրը ճատրակի ողիմպիական եռակի, ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեանութեան յաղթող է:
