27
Nov
Հայաստանի Մէջ Կը Գտնուի Ամէնաերկար ու Ամենահրաշալի Zipline-ը․ Discovery
Հայաստանի մէջ կը գտնուի աշխարհի ամէնաերկար ու ամենահրաշալի Zipline-ը: Discovery ամերիկեան հեռուստաընկերութիւնը ցուցադրած է տեսանիւթ մը, ուր Zipline–ի բարձրութենէն ներկայացուած են Հայաստանի բնապատկերները:
Ծրագրի հիմնադիր Տիգրան Չիբուխչեանը պատմած է ատոր իրականացման մասին.
«Ես կրնայի աշխատիլ օրական 20 ժամ, ատիկա անհնարին կը թուէր: Ես կը ցանկայի մարդոց ստիպել` հաւատալու, որ ատիկա հնարաւոր է: Մենք կը պատրաստուէինք բանալ ամէնաերկար զիփլայնը աշխարհի մէջ, ան 2770 մեթր երկարութիւն ունի: Ատիկա գաղափար մը էր, որու նպատակը իւրաքանչիւր մարդու ատրենալին նուիրելն է»:
Panorama.am-ի փոխանցմամբ`կը նշուի, որ թռիչքի տեւողութիւնը երեք րոպէ է, առաւելագոյն արագութիւնը` 120 քմ/ժ: