16
Jan
Թուրքիոյ Հայկական Եկեղեցւոյ Որմնանկարները Հազարաւոր Մարդոց Ուշադրութեան Կ’արժանանան
Թուրքիոյ Քարաման նահանգին մէջ գտնուող Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ առաստաղի որմնանկարները տեղացի եւ օտարերկրացի զբօսաշրջիկներու կողմէ մեծ հետաքրքրութեան կ՛արժանանան:
Քաղաքի հնագոյն Թափուջաք թաղամասին մէջ գտնուող եկեղեցին կը համարուի բիւզանդական ժամանակաշրջանէն մնացած բազիլիկ եկեղեցւոյ օրինակ:
Եկեղեցին կը թուագրուի 17-18-րդ դարերուն:
Եկեղեցին 2007 թուականին անցած է Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան պահպանութեան տակ եւ վերականգնուած:
Ամէն տարի հազարաւոր մարդիկ կու գան այս որմնանկարները տեսնելու: Մինչեւ 2007 թուականը եկեղեցին որոշ ժամանակ օգտագործուած է որպէս բանտ: Իսկ այժմ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենան մշակութային տարբեր ձեռնարկներ: