ԱՐՏԱՇԷՍ ԵՒ ԱՐՏԱՒԱԶԴ

Արտաշէս թագաւոր Աշխարհակալ կոչուեցաւ, որովհետեւ ան գրաւեց բոլոր հայերէն խօսող ցեղերու երկիրները եւ Հայաստանի սահմանները ընդարձակեց: Ան շինեց նոր մայրաքաղաք մը, որ իր անունով Արտաշատ կոչուեցաւ:

Արտաշէս Աշխարհակալ մինչեւ խոր ծերութիւն թագաւորեց Հայաստանի վրայ:

Մահուան օրը ծերունի թագաւորը բարկացաւ իր Արտաւազդ զաւակին վրայ, անիծեց զայն եւ ըսաւ անոր.
– Երբ դուն որսի երթաս Ազատ Մասիսն ի վեր, քաջքերը թող շղթայեն քեզ ու բանտարկեն Ազատ Մասիսի մեծ անդունդին մէջ: Հոն մնաս եւ երբեք լոյս չտեսնես:

 

Կ’ըսուի, թէ հօր անէծքը կը կատարուի: Որսի պահուն՝ Արտաւաազդ իր նժոյգին հետ կը գլորի անդունդին մէջ եւ քաջքերը զինք կը կապեն շղթաներով:

Երբեմն ամպեր կը հաւաքուին լերան գագաթին եւ կայծակներ կը շողան: Կ’ըսուի, թէ այդ պահուն չար ու բարի ոգիները կը կռուին, իսկ անդունդի մէջ որսի շուներ կը կրծեն Արտաւազդի շղթաները:

Մարդիկ կը հաւատան, որ օր մը Արտաւազդ լոյս աշխարհ պիտի գայ:

Leave a Reply

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...