Առաջին Պատկերասփիւռի, Քարայրներու եւ Արեւի ու Լուսնի Մասին

Ինչպէ՞ս Էր Առաջին Պատկերասփիւռը

Առաջին պատկերասփիւռը ստեղծուեցաւ 1926-ին, Անգլիոյ մէջ: Անիկայ կը նմանէր մեծ ձայնասփիւռի մը եւ անոր պաստառը շատ փոքր էր: Սփռուած նկարները կարմիր եւ սեւ էին եւ` բաւական կարելի էր ճանչնալ դէմքեր:

Ինչպէ՞ս Կը Կազմուին Քարայրները

Երբ կ’անձրեւէ, ջուրին մէջ գտնուող թթուն կը յարձակի ժայռերուն վրայ եւ կը թափանցէ անոնց մէջ` ճեղքերուն ընդմէջէն: Ճեղքերը կը մեծնան, մինչեւ որ քարայրները կազմուին: Մաշումը շատ դանդաղ կը պատահի, սակայն երբեմն անիկա կ’արագանա՛յ, երբ գետ մը կը մտնէ գետնին տակ` այս ձեւով ջրհորներ եւ ներքնուղիներ փորելով:

Ուրկէ՞ Գիտենք, Որ Արեւը Լուսինէն Աւելի Մեծ Է

Մենք այն տպաւորութիւնը ունինք, թէ արեւը եւ լուսինը նոյն չափի են: Սակայն արեւը լուսինէն 400 անգամ աւելի մեծ է: Եւ որովհետեւ ան երկրագունդէն 400 անգամ աւելի հեռու է, քան լուսինը, անոր չափը կը թուի լուսինին չափ երեւիլ:

աղբիւրը ԿԿՈՒ (Հալէպ)

Leave a Reply

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...