Դատաւոր Աղուէսը

Կար ու չկար կապիկ մը կար, որ ինչպէս բոլոր կապիկները, ան իր քիթը միշտ կը մտցնէր իրեն չվերաբերող գործերուն մէջ։

Անգամ մը կապիկը քարերու կոյտ մը նկատեց ու սկսաւ անհանգստանալ։ «Պէտք է տեսնել, թէ ինչ կայ այնտեղ պահուած»։ Կապիկը սկսաւ քարերը մէկ կողմ դնել։ Անցք մը բացուեցաւ։

Կապիկը իր թաթը մտցուց բացուած անցքի մէջ, տեսնելու, թէ ինչ կը գտնէ այնտեղ։ Իսկ անցքէն դուրս սողաց հսկայ օձ մը։
Մութ խուցէն դուրս ելլելով, օձը ֆշշաց ու պատրաստուեցաւ նետուիլ կապիկին վրայ։

«Յիմարի գլուխ,- ինքն իրեն ըսաւ կապիկը,- ինչո՞ւ մտար անցքի մէջ։
-Խղճա՛ ինծի, մեծն վիշապ,- սկսաւ խնդրել կապիկը։- Եթէ գիտնայի, որ դուն հոս ես, հանգիստդ չէի խանգարեր ։
Բայց ո՞ր մէկ օձը կը խղճայ։

-Ես քեզի չեմ խղճար,- ֆշշաց օձը։- Դուն զիս արթնցուցիր եւ միայն քու մահովդ կը քաւես մեղքդ։

Նոյն պահուն իրենց քովէն կ’անցնէր աղուէսը։ Կապիկը լսած էր աղուէսներու խորամանկութեան մասին եւ կեցուց զինք։

-Թող իմաստուն աղուէսը լուծէ մեր վէճը։
-Լաւ, խօսիր, աղուէս, տեսնեմ դուն ի՞նչ կ’ըսես,- համաձայնեցաւ օձը։
-Վկաներ չկան, իսկ ես բան չեմ տեսած։ Ինչպէ՞ս արդար դատեմ ձեզի,- ըսաւ աղուէսը։

– Ցոյց տուէք այն ամէնը, ինչ եղած է։ Դուն, օձ, նորէն սողա դէպի խուցդ, իսկ դուն, կապիկ, քարերը նորէն կոյտ դարձուր։
Օձը հաւնեցաւ խելացի դատաւորը։

-Ես խուցիս մէջ նստած էի ահա այսպէս,- ըսաւ օձը։ Կապիկը գլուխը մտցուց անցքի մէջ ու դանդաղ անհետացաւ։
-Հիմա քու կարգդ է կապիկ։ Կապիկն արագ-արագ անցքը ծածկեց քարերով։
Աղուէսը ըսաւ.

-Լսէ դատս, անշնորհակալ օձ։ Դուն բարկացած ես անոր համար, որ քեզի ազատութիւն տուած են։ Հիմա նստիր մութ խուցիդ մէջ ու քնացիր ինչքան կ’ուզես։ Իսկ յիմար կապիկը այլեւս քունդ չի խանգարեր։
Այդ օրէն կապիկը որոշեց քիթը չմտցնել իրեն չվերաբերող գործերուն մէջ։

 

Աղբիւր՝ poqrik.am

Արեւմտահայերէնի վերածեց armlands.com

Leave a Reply

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...