Ինչո՞ւ Ընթերցանութիւնը Կարեւոր է

-Ընթերցումը կը զարգացնէ ձեր լեզուական կարողութիւնները, ինչ որ կարեւոր է ոչ միայն ձեր դպրոցական կեանքի ընթացքին, այլ նաեւ ապագային գործի ասպարէզի մէջ:

-Կարդալով` նոր բառերու կը հանդիպիք, եւ նոյնիսկ եթէ անոնց իմաստը չհասկնաք, կրնաք ընդհանուր նիւթէն հետեւցնել, եւ յաջորդ անգամ երբ հանդիպիք նոյն բառերուն, աւելի շուտ կ’ըմբռնէ՛ք անոնց իմաստը:

-Կարդալը միջոց մըն է ինքնազարգացման եւ տեղեկութիւն հաւաքելու համար:

-Կարդալը կը հարստացնէ ձեր կեանքը եւ նոր հորիզոններ կը բանայ ձեր առջեւ:

-Ընթերցելով գիտելիքներու մեծ պաշար կ’ունենաք:

-Կարդալը ձեր երեւակայութիւնը կը զօրացնէ եւ ձեր առջեւ կը բանայ հետաքրքրական աշխարհներ:

-Իսկ ամէնէն կարեւորը` կարդալը հաճելի ժամանաց մըն է: Եթէ կարենաք ամէն օր որոշ ժամանակ յատկացնել ընթերցումի, ժամանակի ընթացքին ընթերցելը սովորութեան կը վերածուի եւ դուք կ’ունենա՛ք անփոխարինելի ընկեր մը` գիրքը: Իսկ ինչո՞ւ անփոխարինելի, որովհետեւ ոեւէ ընկեր կրնայ հիւանդ ըլլալ` ճամբորդել, կամ որեւէ պատճառով ձեր մօտ չըլլալ, սակայն գիրքը ձեր տրամադրութեան տակ կը գտնուի երբ որ ուզէք եւ կրնաք անոր ընկերակցութեամբ երկար եւ հաճելի ժամեր անցնել:

Դուք ալ գիրք մը առէ՛ք եւ սկսեցէք ընթերցել, վստահ եղէք, որ ժամանակի ընթացքին պիտի վայելէք ձեր ընթերցասիրութեան բարիքները:

Leave a Reply

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...