ԻՆՉՊԷ՞Ս

 

1.- Ինչպէ՞ս կը բուսնին մեր մազերը
Մեր մազերը ամէն ամիս մօտաւորապէս 1 սմ. կ՛երկարին հետեւաբար 12 սմ.` տարին: Իւրաքանչիւր

մազ կ՛ապրի 2-7 տարի եւ ապա կ՛իյնայ: Անոր տեղը ուրիշ մազ կը բուսնի:

2.- Ինչպէ՞ս օճառը կը մաքրէ:
Օճառը կազմուած է մանր մասնիկներէ` մոլեքիւլները կը սիրեն իւղը եւ հետեւաբար պիտի կառչին

աղտոտութեան: Անոնք կապուած են ուրիշ մոլեքիւլներու, որոնք կը կառչին ջուրին եւ կը մտնեն

մորթին եւ աղտոտութեան միջեւ: Ապա այս խառնուրդը կ՛երթայ, երբ մենք ջուր թափենք:

3.- Ինչպէ՞ս կը շինուի ապակին:
Ապակի շինելու համար կը գործածուի աւազ: Աւազը կը խառնուի կրահողի փոշիի (ժայռի տեսակ մը)

եւ քիմիական նիւթերու հետ, ապա կը տաքցուի մօտաւորապէս 1500 աստիճան: Ստացուած խմորը կը

դրուի կաղապարներու մէջ: Երբ պաղի, ան կը կարծրանայ: Կարելի է զայն գործածել որպէս ապակի:

4.- Ինչպէ՞ս կ՛երեւի երկինքը, երբ մենք լուսինին վրայ ենք:
Լուսինին վրայ երկինքը կապոյտ չէ, այլ` սեւ, որովհետեւ հոն արեւուն լոյսը բռնող մթնոլորտ չկայ:

Սակայն հոնկէ մենք կրնանք տեսնել երկրագունդը անոր կապոյտ ծովերով եւ ովկիանոսներով:

Կը տեսնենք նաեւ մութին մէջ փայլող միլիոնաւոր աստղեր:

աղբիւր՝ ԿԿու

Leave a Reply

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...