Կատուն ու աղուէսը.

Լսելու համար սեղմել այստեղ

Մարդ մը  ծոյլ կատու մը ունէր։  Օր մը մարդը ձանձրացաւ կատուն խնամելէն ու որոշեց զինք կորսնցնել։

Մարդը կատուն անտառ տարաւ ու այնտեղ ձգեց։ Կատուն անտառի մէջ թափառեցաւ ու հանդիպեցաւ աղուէսին։

Աղուէսը կատուն տեսնելով զարմացաւ. «Այսքան տարի է անտառի մէջ կ’ապրիմ, բայց առաջին անգամն է, որ այսպիսի կենդանի կը տեսնեմ»։ Աղուէսը խոնարհեցաւ կատուին առջեւ ու հարցուց.
-Ըսէ, խնդրեմ, եղբա՛յր, ո՞վ ես դուն։ Ի՞նչ է անունդ։

Կատուն մէջքը շտկեց, պեխերը ցցեց ու պատասխանեց.
-Ես սիպիրեան անտառներէն Մլաւան Փիսոն եմ։
-Հիւր եկուր ինծի, Մլաւան Փիսօ։
Աղուէսը կատուն տարաւ իր որջը եւ անոնք սկսան միասին ապրիլ։

Օր մը աղուէսը գնաց կեր բերելու, իսկ կատուն մնաց տունը։ Ճանապարհին աղուէսը հանդիպեցաւ գայլին.
-Այս ո՞ւր կորսուած ես, աղուէս քոյրիկ։
-Ես ամուսնացած եմ։
-Այդ որո՞ւն հետ,- զարմացաւ գայլը։
-Սիպիրեան անտառներէն եկած Մլաւան Փիսոյի հետ։
-Ես կ’ուզեմ զինք տեսնել։
-Կարելի է։ Բայց իմ Փիսոս բարկացկոտ է, եթէ մէկուն չսիրէ, կ’ուտէ։ Անոր գով առանց նուէրի չ’ըլլար երթալ։ Նուէր պատրաստէ ու եկուր, ծանօթացիր։

Եւ աղուէսը շարունակեց ճամբան։ ճանապարհին արջին հանդիպեցաւ։
-Այս ո՞ւր կորսուած ես, աղուէս քոյրիկ, շատոնց չես երեւիր։
-Ես ամուսնացած եմ։
-Այդ որո՞ւն հետ,- զարմացաւ արջը։
-Սիպիրեան անտառներէն եկած Մլաւան Փիսոյի հետ։
-Ես կ’ուզեմ զինք տեսնել։
-Կարելի է։ Բայց իմ Փիսոս բարկացկոտ է, եթէ մէկուն չսիրէ, կ’ուտէ։ Անոր քով առանց նուէրի չ’ըլլար երթալ։ Նուէր պատրաստէ ու եկուր, ծանօթացիր։

Գայլը ոչխար մը, իսկ արջը՝ ցուլ մը վերցուցած եկան աղուէսին հիւր։
-Բարեւ Արջ եղբայր,- ըսաւ գայլը։
-Բարեւ Գայլ եղբայր։ Դեռ չե՞ս հանդիպած աղուէսին ու Մլաւան Փիսոյին,- հարցուց արջը։
-Չէ, բայց արդէն երկար ժամանակ է կը սպասեմ։
-Ուրեմն դուռի զանգը հնչէ։
-Չէ, ես այդ մէկը չեմ ըներ, Արջ։ Դուն հնչէ։ Դուն ինձմէ համարձակ ես։
-Չէ, Գայլ եղբայր, ես ալ չեմ համարձակիր։
Ու այդ պահուն, ուրկէ ուր վազեց նապաստակը։ Արջը անոր ձայն տուաւ.


-Շլդիկ, եկո՛ւր նայիմ։
Նապաստակը վախցած վազեց քովը։
-Այ շլդիկ, դուն գիտե՞ս թէ աղուէսը ո՞ւր կ’ապրի։
-Գիտեմ։
-Ուրեմն, վազէ աղուէսի քով ու ըսէ, որ Գայլն ու Արջը նուէրներով իրեն ու Մլաւան Փիսոյին կը սպասեն։
Ինչքան ոտքերու մէջ ուժ կար, նապաստակը վազեց դէպի աղուէսի տունը։ Իսկ արջն ու գայլը կը մտածէին ո՞ւր պահուըտիլ:

Արջը ըսաւ.
-Ես սոճիի վրայ կը բարձրանամ։
-Իսկ ես ո՞ւր պահուըտիմ,- հարցուց գայլը։- Ես չեմ կրնար ծառ բարձրանալ։ Օգնէ ինծի պահուըտիլ։

Արջը գայլը դրաւ թուփերու մէջ, չոր տերեւներով ծածկեց, իսկ ինքը բարձրացաւ սոճիի վրայ ու սկսաւ դիտել։
Նապաստակը վազեց աղուէսի քով ու ըսաւ.


-Արջն ու գայլը զիս ղրկեցին ըսելու, որ նուէրներով կը սպասեն քեզի եւ Մլաւան Փիսոյին։
-Գնա ու ըսէ իրենց, որ շուտով կու գանք,- պատասխանեց աղուէսը։

Եւ ահա, աղուէսն ու կատուն եկան։ Արջը տեսաւ զիրենք ու ըսաւ գայլին.
-Գայլ եղբայր, աղուէսն ու Մլաւան Փիսոն կու գան։ Բայց ի՜նչ փոքր է։

Իսկ այդ ժամանակ կատուն տեսաւ ոչխարը։ Անոր մորթին պիզ-պիզ կեցաւ։ Ու կատուն սկսաւ ակռաներով ու ճանկերով ոչխարի միսը բզկտել ու մլաւել. «Միաու, միաու»։
Իսկ արջը վախէն լսեց. «Էլի, էլի»։

«Փոքր գազան է, բայց լաւ՜ ախորժակ ունի,- մտածեց արջը։ Մենք չորս հոգիով հազիւ ուտենք այս ոչխարը, իսկ իրեն համար քիչ է»։

Գայլը եւս կ’ուզէր տեսնել Մլաւան Փիսոն, բայց տերեւները զինք կը խանգարէին։ Ան փորձեց դունչը դուրս հանել տերեւներու մէջէն, իսկ կատուն լսելով տերեւներու խշխշոցը, մտածեց, թէ մուկ է։ Ու թռաւ եւ ճանկեց գայլի դունչը։


Գայլը դուրս թռաւ թուփերու տակէն եւ փախաւ։ Իսկ կատուն, վախնալով գայլէն, թռաւ սոճիի վրայ, որուն վրայ պահուըտած էր արջը։

Արջը վախցաւ, ծառէն նետուեցաւ ու սկսաւ փախչիլ։
Այդ օրէն անտառի բոլոր կենդանիները կը վախնային կատուէն, իսկ կատուն ու աղուէսը կ’ապրէին միասին հաշտ ու համերաշխ։

Թարգմանեց՝ Վ. Բուռնուչեանը

ռուսական ժողովրդական հեքիաթ

Աղբիւրը՝ poqrik.am

Արեւմտահայերէնի վերածեց armlands.com-ը

Leave a Reply

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...