Հին ատենէն Հայաստանի մէջ բուծած են ոչխար, այծ, կով, գոմէշ, ձի եւ պահած են զանազան
թեւաւորներ՝ հաւ, բադ, սագ։ Վայրի կենդանիներէն տարածուած են գայլը, աղուէսը, արջը,
նապաստակը, կինճը (վայրի խոզ), եղջերուն, այծեամը, վայրի ոչխարը եւ այլն։
Վայրի թռչուններէն կան արծիւ, անգղ, բազէ, արագիլ, կաքաւ, բադ, սագ, լոր եւ այլն։ Մարդու
պատճառով շատ մը կենդանիներ հիմա չկան, ինչպէս՝ փիղ, ջայլամ եւ առիւծ։
Որոշ տեղեր զարգացած է մեղուապահութիւնը։ Իսկ Արարատեան դաշտի մէջ, հին ատեն եղած է
որդի տեսակ մը, որմէ կարմիր ներկ կը պատրաստէին։