Շատ հին ժամանակ հայերը կռապաշտ էին. անոնք կը պաշտէին արեւը, լուսինը, երկիրը եւ
աստղերը, որովհետեւ արեւը զիրենք կը տաքցնէր, երկիրը իրենց կերակուր կուտար, լուսինն
ու աստղերը գիշերը կը լուսաւորէին:
Յետոյ պաշտեցին երկնքի մայրը, անունը դնելով Անահիտ: Հայերը այս աստուածուհին կը
նկատէին Հայաստանի մայրը:
Անահիտի հետ պաշտեցին Աստղիկ դիցուհին, որ արուսեակի պատկեր ունէր եւ անոր պէս գեղեցիկ եւ մաքուր լոյսով:
Հայերը ունէին ուրիշ աստուած մըն ալ, որ Վահագն կը կոչէին. ասիկա քաջերու պաշտպանն էր:
Հայերը այս երեք աստուածներուն յիշատակը շատ մեծ հանդէսով կը տօնախմբէին:
Յունիսի վերջերը, Վարդավառի տօնը կը կատարէին՝ եօթը օր, եօթը գիշեր. Իսկ Օգոստոս11-ին՝ Նաւասարդի մեծ տօնը, երբ կը սկսէր Հայոց Նոր Տարին: