ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ ՆԱԽԱՏԻՊՆ Է ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԿԱՌՆԱՒԱԼԻ: Ե՞ՐԲ ԵՒ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՆՇՈՒԻ

Բարեկենդանը նախաքրիստոնէական հին աւանդական զուարճանքի տօն է, որ յետագային դարձած է եկեղեցական տօն։

Ան կը նշուի Սուրբ Սարգիսի տօնէն մինչեւ Մեծ պահքի  ժամանակահատուածը, իսկ Բուն Բարեկենդանը Մեծ պահքին նախորդող Կիրակին է: Բարեկենդանը շարժական տօն է,  այս տարի ան կը նշուի Փետրուար 11-ին:

Քանի որ Բարեկենդանը մեծ պահքի նախորդող օրն է, տօնական ուտեստները կը պատրաստեն առատ միսով, իւղով եւ կաթնեղէնով,  կը պատրաստեն նաեւ գաթան ու հրուշակ:

Բարեկենդանին թոնիրը միշտ վառ պէտք է ըլլար եւ սեղաններուն ամէն ինչ պէտք է առատ ըլլար:

Հայերը Բարեկենդանը աւելի մեծ շուքով նշած են քան Նոր տարին, որովհետեւ Բարեկենդանի տօնը երկրագործական նոր տարին սկսելու նախապատրաստական ծիսական արարողակարգ էր:

Բարեկենդան բառը հաւանաբար յառաջացած է բարի կենդանութիւն բառերէն, այսինքն` խնդրանք եւ մաղթանք բարի, առողջ, կենսալից ըլլալու համար։ Ան միտուած է գարնանամուտի զարթօնք ապրող բնութեան գործընթացը աշխուժացնելուն: Ժողովրդական տօնախմբութեան հիմքին մէջ կայ միասնութեան յանուն ընդհանուրի բարօրութեան գաղափարը: Անոր համար այս տօնին կը մասնակցին բոլորը:

Տօնին բնորոշ բոլոր արտայայտումները ենթադրել կու տան, որ նախաքրիստոնէական շրջանին, հաւանաբար, ան եղած է հայկական Ամանորը:

Այս տօնին յատուկ են ուրախութիւնն ու խրախճանքը, կերուխումը, հիւրասիրութիւնները, այցելութիւնները, թատերական ներկայացումները, երգ ու պարը: Տօնին բնորոշ դիմակահանդէսի նպատակը կերպարանափոխուիլն է, ձգտումն է՝ ապրելու այն կերպարով որուն կը ձգտիս:

Կարծիք կայ, որ Վենետիկեան դիմակահանդէսը նոյն բարեկենդանն է, ուստի հայկական Բարեկենդանը նախատիպն է եւրոպական Կառնաւալի:

Բարեկենդանի ուրախ ու կատակային բնոյթը  լաւագոյն ձեւով ներկայացուած է Յովհաննէս Թումանեանի

«Բարեկենդանը» հեքիաթի մէջ:

Բարեկենդանի մանկական  յայտնի երգերէն է

Գացէք, տեսէք` ո՞վ կերած է թուփը.-

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...