Աշխարհի Ամենաերկար Կամուրջն ու Առաջին Սառնարանը

Ու՞ր Կը Գտնուի Աշխարհի Ամէնէն Երկար Կամուրջը

Չինաստանի մէջ բացուեցաւ աշխարհի ամէնէն երկար եւ ամէնէն բարձր ապակիէ հետիոտներու յատուկ կամուրջը Յունան նահանգի Ժանկժիաժիի լեռներուն մէջ:

Ան իրարու կը միացնէ երկու ժայռալեռներ: Անոր երկարութիւնը կը հասնի 430 մեթրի, իսկ լայնքը` 6 մեթրի: Ան կախուած է երկինքէն դիտուած` ան կը նմանի հսկայական ճերմակ թիթեռնիկի:

Պարսիկները Սառնարաններ Հնարած Են Աւելի Քան 24000 Տարիներ Առաջ

Ք.Ա. 400 թուականներուն պարսիկ ճարտարագէտներ կրցած են շինել Եախշալ կոչուած հսկայական սառնարաններ, հոն կարելի է ամբարել սառ եւ հետեւաբար, ուտելիք ու պաղ ջուր ամբողջ տարուան ընթացքին:

Ձմրան սառը կը բերուէր մօտակայ լեռներէն:

Եախշալները ունէին կորընթարդ ձեւ, կէս թաղուած` հողին մէջ եւ շինուած էին տաքին տոկացող նիւթերէ։ Հարիւրաւոր տարիներ առաջ շինուած բազմաթիւ եախշալներ տակաւին կանգուն կը մնան մինչեւ այսօր:

Պրազիլի Մէջ Բանտարկութեան Ժամանակը կը նուազի ընթերցանութեան միջոցով

2009 թուականին, Պրազիլի բանտերու հարցերով զբաղող պետական յանձնախումբը սկսած է գործադրել իւրայատուկ ծրագիր մը: Ըստ այդ որոշումին, բանտարկեալները կարելիութիւն ունին իրենց բանտարկութեան օրերը 4 օրով նուազեցնել ամէն անգամ, երբ անոնք գիրք մը կարդան տարեկան մինչեւ 48 օրուան նուազեցումի սահմաններուն մէջ:

Գիրք կարդալէն ետք բանտարկեալը պէտք է գրաւոր ներկայացնէ գիրքը, որ կ’արժեւորուի յանձնախումբի մը կողմէն: Այս օրէնքի նպատակն է պարզիլական բանտերուն մէջի անգրագիտութեան շատ բարձր համեմատութիւնները նուազեցնել եւ օգնել բանտարկեալներուն` ազատ արձակուելէ ետք աւելի դիւրութեամբ բնական կեանքի վերադառնալու:

աղբիւրը ԿԿՈՒ (Հալէպ)

Leave a Reply

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...