Մեծ տան Բնակիչները Բ. Մետաքսագործ Շերամիկը

Թէեւ Ալեքսը ժամանակին տուն հասաւ, սակայն վազեց՝ ծնողներէն ներողութիւն խնդրելու, որովհետեւ զանոնք չէր զգուշացուցած, որ քաղաք պիտի երթայ։

Յաջորդ առաւօտ, արեգակը փայլատակեց երկնքին վրայ ու իր շողերէն մէկը ուղարկեց, որպէսզի արթնցնէ Ալեքսը։

Շողիկը պատուհանէն ներս թափանցեց ու յայտնուեցաւ տղուն քիթիկին։

Ալեքսը աչուկները բացաւ, մօտեցաւ պատուհանին ու ժպտեցաւ արեւին։

Յանկարծ պատուհանին քով փոքրիկ միջատ մը յայտնուեցաւ։

-Ո՞վ ես դուն,- զարմացած հարցուց Ալեքսը։

-Ես Շերամիկն եմ,- պատասխանեց միջատը։

-Ինչպէ՞ս յայտնուեցար սենեակիս մէջ։

-Պատուհանէն ներս մտայ։

-Որոշած ես այստե՞ղ ապրիլ։

-Ո՜չ, ես ձեր բակի թթենիին վրայ կ’ապրիմ։

Ալեքսը պատուհանէն նայեցաւ թթենիին ու նկատեց անոր շուրջը վազվզող Վանան։

Տղան անմիջապէս հագուստները փոխեց, վերցուց Շերամիկն ու պարտէզ իջաւ։

-Ի՞նչ կը պահես ձեռքիդ մէջ,- հարցուց կատուն։

-Շերամիկը,- ըսաւ Ալեքսը՝ ափը բանալով։

-Վա՜յ, ո՞րդ բռնած ես, արագ նետէ՛, -պոռաց Վանան ու թաթը բարձրացուց, որպէսզի վնաս հասցնէ վախցած միջատիկին։

-Ես որդ չեմ, ես մետաքսագործ թրթուր եմ, -լացակումած ըսաւ Շերամիկն ու մետաքսէ թելերով արագ-արագ պատեան հիւսեց, մէջը պահուըտեցաւ ու բոժոժ դարձաւ։

Ալեքսն ու Վանան զարմացած իրարու նայեցան։

-Ինչո՞ւ վախցուցիր Շերամիկը, դեռ իր գաղտնիքները պիտի պատմէր ինծի, – զայրացած ըսաւ Ալեքսը։

-Թրթուրի մը պատճառով ընկերդ կը վիրաւորե՞ս,- նեղացաւ կատուն, պոչը վեր տնկեց ու տուն մտաւ։

– Տո՛ւն եկուր, Ալե՛քս. նախաճաշը պատրաստ է,- խոհանոցի պատուհանէն ձայնեց մայրիկը։

Տղան բոժոժը գրպանը դրաւ ու տուն վազեց։

Ալեքսն ու Վանան իրարու հետ չէին խաղար։ Տղան բակին մէջ հեծիկ կը քշէր, կատուն պարտէզի ջրաւազանին մէջ կը լողար։

Այդպէս շարունակուեցաւ քանի մը օր, ու յայտնի չէր՝ դեռ ինչքա՜ն պիտի շարունակուէր, եթէ փողոցը ապրող Գամփռը չորոշէր Ալեքսենց բակը մտնել։

Շունը մեծ գլուխ ունէր, կարճ քիթ ու հսկայ թաթեր։ Ալեքսին հայրը, աշխատանքի գացած ժամանակ, մոռցած էր փակելու դարպասին դուռը։

Շունն ալ առիթէն օգտուելով՝ բակ մտած էր։ Վանան, վագրի քալուածքով, մօտեցաւ ջրաւազանին, հայեացք մը նետեց Ալեքսին վրայ ու ջուրը ցատկեց։

Դարպասին մօտ կանգնած Գամփռը կը հետեւէր անոր։ Կատուն կը լողար ու քիթին տակէն կը մռմռար․

-Ես աշխարհի ամենահամարձակ կատուն եմ ու չեմ հանդուրժեր, որ զիս նեղացնեն. կ’երթամ իմ ծննդավայրս ու կը լողամ աշխարհի ամենագեղեցիկ լճակին մէջ․․․

Գամփռին յայտնուիլը կատուին երազանքը փշրեց։

Շունը խորամանկ հայեացք մը նետեց Վանային վրայ ու ըսաւ․

-Կարծես թագուհի ես, պոչդ տնկած կը քալես ու իմ կողմս չես նայիր։ Եկած է այն պահը, որ ակռաներովս երկար ու սիրուն պոչիկդ փրցնեմ։

Վանան բարձր մլաւեց ու ձայնեց Ալեքսին։ Տղան հեծիկը պատին հենեց ու ջրաւազանի կողմը վազեց։

Գամփռը ետ քաշուեցաւ ու հեռացաւ։ Կատուն ջուրէն դուրս ցատկեց, մօտեցաւ Ալեքսին ու ցած ձայնով ըսաւ․

-Ներէ՜․․․ ներէ՜, որ նեղացուցի Շերամիկը։

-Վա՜յ, շերամիկը մոռցած էի,- ըսաւ տղան ու գրպանէն հանեց բոժոժիկը։

Բոժոժիկը ձեռքէն սահեցաւ, ինկաւ գետին, ու մէջէն մեծ թիթեռնիկ մը թռաւ։ Թիթեռնիկը թեւերը թափ տուաւ ու հեռացաւ։

-Եկուր վազենք ու բռնենք թիթեռնիկը,- առաջարկեց կատուն։

-Ոչ, թիթեռնիկը գտնել չենք կրնար, եթէ ուզէ, կը վերադառնայ, աւելի լաւ է բակը գնդակ խաղանք։

Ընկերները հաշտուեցան ու սկսան խաղալ։

Ալեքսը այնքան յոգնած էր, որ անկողին մտնելուն պէս՝ քնացաւ։

Առաւօտեան՝ արեւը փայլատակեց երկնքին վրայ ու իր ամենապայծառ շողիկը ղրկեց՝ արթնցնելու տղան։

Շողիկը ցատկռտեց Ալեքսի քիթիկին վրայ։

Տղան բացաւ աշխարհի ամենաժպտուն աչուկներն ու մօտեցաւ պատուհանին, որպէսզի բարեւէ արեւին։

Յանկարծ նկատեց, որ պատուհանին քով մետաքսէ շապիկ մը դրուած է ու անոր վրայ՝ թիթեռնիկ դարձած Շերամիկն է։

Թիթեռնիկը թռաւ, շոյեց Ալեքսի այտն ու ականջին շշնջաց․

-Երբ այս վերնաշապիկը հագնիս, ես կը յայտնուիմ ու քեզի կը պատմեմ իմ գաղտնիքներս․․․

 Հեղինակ Մարիամ Խուրշուտեան

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար Արեւմտահայերէնի վերածեց Սօսէ Կրպոյեան Պայրամեան (Եգիպտոս)

Մեծ տան բնակիչները մաս ա. Վանայ Կատուն

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...