Շատախօս կօշիկը

Լսելու համար սեղմել այստեղ

Կար ու չկար, շատախօս կօշիկ մը կար, որ աջ ու ձախ կը պատմէր այն ճամբաներու մասին, ուրկէ կ’անցնէր։ Բայց շատախօս ըլլալէն բացի, ան կը սիրէր նաեւ գլուխը գովել։

Միայն գեղեցիկ ճամբաներու մասին կը պատմէր։
Օր մըն ալ, քարերը որոշեցին պատժել կօշիկը, քանի որ ան իրենց մասին չէր պատմեր։ Քարքարոտ ճամբու մը վրայ կօշիկի թաթը բացուեցաւ։ Կօշիկը որ շատախօսութենէն բերանը հազիւ հասցնէր գոցել, հիմա արդէն ան ալ չէր կրնար ընել։

Կօշիկի բաց բերանը փոշի ու աղտ կը լեցուէր։ Կօշիկը հասկցաւ, որ պէտք է բերանը գոց պահէ ու չխօսի, որ մաքուր մնայ։ Ան այլեւս չէր խօսեր։ Հիմա միայն կարեւոր բան մը ըսելու համար պէտք է բերանը բանար։

Մի քանի օր շատախօս կօշիկը տեղը մնաց, մինչեւ անոր տէրը որոշեց զինք «բժիշկի» տանիլ՝ կօշկակարի քով։
Կօշկակարը խնամքով մաքրեց կօշիկը, սոսնձեց եւ զայն լաւ վիճակով վերադարձուց տիրոջ։ Կօշիկի տէրը ուրախ-ուրախ հագաւ իր փայլփլուն կօշիկները եւ ճամբայ ինկաւ։
Այս անգամ արդէն ամբողջ ճանապարհին կօշիկը միայն քիթի տակ կը ճռճռար։ Եւ արդէն, երբ տուն հասան, կօշիկը սկսաւ պատմել ոչ միայն գեղեցիկ ու մաքուր, այլ նաեւ քարքարոտ ու փոշոտ ճամբաներու մասին։

Վ. Բուռնուչեան

Աղբիւր՝ poqrik.am

Արեւմտահայերէնի վերածեց armlands.com-ը

Leave a Reply

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...