Պիկ Պեն

Պիկ Պեն

Լոնտոնի խորհրդարանի շէնքի վրայ գտնուող աշտարակ է, որուն վրայ մեծ ժամացոյց մը

տեղակայուած է։ Հիմնադրուած է 1859-ին, կը համարուի Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդանիշներէն

մէկը:

Աշտարակը իր ժամանակի ամենամեծ ժամացոյցն է ողջ աշխարհի մէջ: Բարձրութիւնը 96 մեթր է,

կշիռքը 17 թոն։ Պաշտօնապէս կը կոչուի «Էլիզապէթի աշտարակ», ի պատիւ Էլիզապէթ թագուհիին:

Պիկ Պեն անուան յառաջացման երկու տարբերակ կայ։ Առաջինը կապուած է սըր Պենջամին Հոլլի հետ,

որ եղած է աշտարակի ճարտարապետը, իսկ ըստ միւս վարկածի` այն կոչուած է այդ ժամանակներու

շատ յայտնի բռնցքամարտիկ Պեն Կաունտի անուան հետ:

Ժամացոյցի իւրաքանչիւր 4-րդ ձողի վրայ գրուած է «Աստուած, պահպանէ մեր թագուհի Վիքթորիա Ա-ը»։

Ժամացոյցի աջ եւ ձախ մասերուն մէջ գրուած է՝ «Laus Deo», կը նշանակէ «Փառք Աստուծոյ»։

1504 թուականին Պիկ Պենը օգտագործուած է իբրեւ կալանավայր։

Ներկայիս «Պինկ Պեն» անունը մենք կը գործածենք, երբ կը խօսինք Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի

մէջ գտնուող նշանաւոր ժամացոյցին, աշտարակին եւ զանգակին մասին: Սակայն սկիզբի շրջանին

կը նշուէր Մեծ զանգակ անունով:

 

Leave a Reply

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...