Հայոց ամենէն քաջ թագաւորն էր Վահագն: Բոլորը կը վախնային անկէ: Ո՛չ մէկ թշնամի կը մօտենար Հայաստանի: Վահագն գործեց մեծ քաջութիւններ:
Ան կը կռուէր վիշապներու հետ եւ կտոր-կտոր կ’ընէր զանոնք: Վիշապները մեծ օձեր են:
Անգամ մը, ձմեռ ժամանակ, Հայաստանի ձիերուն յարդը պակսեցաւ: Վահագն գնաց Ասորեստան, ուր շատ խոտ կար: Իր հսկայ թեւերով շալկեց Ասորեստանի թագաւորին յարդերը եւ թռչելով բերաւ Հայաստան: Յարդերը թափթփեցան երկինքի վրայ եւ կազմեցին լուսաւոր ճամբայ մը: Մինչեւ հիմա, գիշերները, երկինքի վրայ կ’երեւի այդ ճամբան, որ կը կոչուի “Յարդգողի Ճամբայ”:
Յարդգողը Վահագնն է, որ այդպէս կը կոչուի յարդ գողցած ըլլալուն պատճառով: