Փոքրիկ Բանտա արջուկը

Լսելու համար սեղմել այստեղ

Բանտա արջուկներու ընտանիքը՝ հայր բանտան, մայր բանտան եւ փոքրիկ բանտան, կ’ապրէին եղէգներու մէջ։

Երբեմն փոքրիկ բանտան կը ձանձրանար եւ կ’ուզէր շատ ընկերներ ունենալ։ Բանտաներու ընտանիքին մօտիկ տեղ մը կ’ապրէր եղջերուներու ընտանիքը՝ մայր եղջերուն, հայր եղջերուն եւ երկու փոքրիկ եղնիկներ։

Եղնիկները ամբողջ օրը իրարու հետ կը խաղային եւ դաշտի մէջ կը վազէին ։

– Եկէք ընկերներ ըլլանք,- ըսաւ փոքրիկ բանտան։
– Ինչո՞ւ քեզի հետ ընկերանանք։ Դուն մեզի չես նմանիր,- պատասխանեց եղնիկը։ Դուն չես գիտեր մեզի պէս արագ վազել ու ցատկռտել։
– Դուն միայն եղէգ ուտել ու ծառերուն վրայ մագլցիլ գիտես,- ըսաւ միւս եղնիկը։

Եղնիկները հեռացան բանտայէն եւ սկսան իրարու հետ խաղալ:

Բանտան տխրեցաւ, լացաւ ու գնաց ծնողներուն քով.
– Եղնիկները չեն ուզեր ինծի հետ ընկերանալ,- ըսաւ բանտան,- քանի որ ես իրենց չեմ նմանիր։ Ուրեմն ես աւելի՞ վատ եմ, քան իրենք։
– Եթէ դուն անոնց  չես նմանիր, չի նշանակեր, որ դուն վատ ես,- պատասխանեց մայր բանտան։
– Լաւ ընկեր ըլլալու համար պայման չէ գիտնալ այն ինչ գիտեն միւսները,- ըսաւ հայր բանտան։

Անգամ մը եղնիկները փորձանքի մէջ ինկան։ Անոնք անտառի մէջ, իրարու ետեւէն վազելով, ինկան որսորդներու փորած փոսին մէջ։ Ինչքան փորձեցին փոսէն ելլել, չկրցան։ Նոյնիսկ ցատկռտելը չօգնեց Իրենց։ Անոնց ծնողները կեցած էին փոսի եզերքին եւ չէին կրնար օգնել իրենց ձագուկներուն։ Փոսը շատ խորունկ էր։

Բանտան տեսաւ փոսին մէջ ինկած եղնիկները եւ վազեց տուն՝ օգնութիւն կանչելու։
– Եղնիկները վտանգի մէջ են։ Մենք պէտք է անոնց օգնենք,- ըսաւ բանտան։ – Մեզի պէտք են եղէգի ամուր ձողեր ։
Հայր բանտան եղէգի ձողեր հանեց, իսկ մայրը օգնեց անոր։

Անոնք ընտանիքով գացին դէպի փոսը։
Փոքրիկ բանտան իջաւ փոսին մէջ եւ եղնիկները կապեց ամուր եղէգներէն։ Իսկ վերէն մեծ բանտաներն ու եղջերուները միասին սկսան դուրս քաշել եղէգները, որոնց կապուած էին եղնիկները։

Եղնիկները չէին գիտեր ինչպէս իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեն բանտաներուն։ Անոնք մօտեցան փոքրիկ բանտային։
– Ինչ լաւ է, որ դուն մեզի նման չես,- ըսաւ եղնիկը։
– Եւ շատ լաւ է, որ դուն կրնաս ծառերուն վրայ մագլցիլ, – ըսաւ միւս եղնիկը։

Եղնիկները արդէն իրենք կ’ուզէին ընկերանալ փոքրիկ բանտային հետ։ Եւ այսպէս անոնք դարձան անբաժան ընկերներ։

Ի՞նչ կ’ըլլայ եթէ բանտան արագ վազել ու ցատկռտել չի կրնար։ Փոխարէնը ան խելացի էր, բարի եւ ուրախ։ Իսկ եղնիկները իրենք ալ հասկցան, որ ընկերներ ըլլալու համար պայման չէ բոլորը իրարու պէս ըլլան։

Թարգմանութիւնը՝ Վ. Բուռնուչեանի

Աղբիւրը՝ poqrik.am

Արեւմտահայերէնի վերածեց armlands.com

Leave a Reply

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...