Քաջալերելու Կարեւորութիւնը

Գարնանային արեւոտ օր մըն էր: Մինչ խումբ մը գորտեր ուրախ զուարթ կը ցատկռտէին անտառին մէջ, անոնցմէ երկու հատը ինկան հորի մը մէջ, բոլոր գորտերը հաւաքուեցան հորին շուրջ եւ փորձեցին ազատել իրենց ընկերները: Երբ տեսան թէ հորը շատ խորունկ էր եւ զանոնք ազատելը անհնար, անբախտ գորտերուն ըսին թէ պէտք է համակերպին իրենց ճակատագրին եւ պատրաստուին մեռնելու:

Երկու գորտերը չուզեցին յանձնուիլ իրենց ճակատագրին, ուստի սկսան իրենց ամբողջ ուժով ցատկել, սակայն ի զուր: Անոնց ընկերները սկսան պոռալ ըսելով թէ իրենց ջանքերը ապարդիւն են եւ թէ անկարելի էր ազատիլ:

Վերջապէս գորտերէն մէկը, յոգնած ու սպառած, անսաց իր ընկերներուն յանձնուելու կոչերուն։

Միւս գորտը յուսահատ ուժասպառ ըլլալով հանդերձ, շարունակեց ցատկռտել:

Ընկերները դարձեալ սկսան պոռալ` ըսելով թէ ի զուր են իր փորձերը եւ թէ պիտի չկարենար ազատիլ. սակայն, զարմանալիօրէն, գորտը շարունակեց իր ճիգերը, եւ այնքան բարձր ցատկեց, որ յաջողեցաւ դուրս գալ հորէն եւ ազատիլ:

Ընկերները զարմացած հարցուցին, թէ ինչո՞ւ ինք շարունակեց պայքարիլ, հակառակ իրենց յանձնուելու կոչերուն: Գորտը, որ ընկերներուն շրթունքները կը կարդար, ըսաւ թէ ինք խուլ էր եւ չէր լսեր իրենց խօսքերը, միայն կը տեսնէր իրենց շարժումները: Հետեւաբար կարծելով թէ ընկերները զինք կը խրախուսեն, կը շարունակէր պայքարիլ:

Ուրեմն, սիրելի՛ներ, այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ որքան կարեւոր է քաջալերելը եւ զգուշանալ յուսահատեցնող արտայայտութիւններէ:

Բառեր եւ բացատրութիւններ

Անսալ- հնազանդիլ, մտիկ ընել

Խրախուսել- Քաջալերել, սիրտ տալ:

աղբիւրը՝ ԿԿՈՒ (Հալէպ)

Leave a Reply

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...