Հանելուկներ
Եկէք լուծենք այս հանելուկները…
1- Որքան երկար տեւէ այնքան կը կարճանայ:
2- Չի կրնար քալել, առանց գլխուն հարուածելու:
3-Ակռաներ ունի եւ չի խածներ:
4-Եռալով կը քարանայ:
5- Կը լսէ առանց ականջի եւ կը խօսի առանց լեզուի:
6- առանց աչքի ամէն ինչ կը տեսնէ:
Պատասխաններ:-
1- Տարիք: 2- Գամ: 3- Սանտր: 4- Հաւկիթ: 5- Հեռաձայն: 6-Հայելին:
Կեանքը սկսած է
Չոր ցամաքի վրայ,
Բայց ողջ կեանքը
Կ’անցնի ջուրի մէջ:
Չորս ոտք ունի, բայց շուն չէ,
Հաւկիթ կ’ածէ, թռչուն չէ,
Խոտ կ’ուտէ կովու պէս,
Պատեան ունի, բայց սուր չէ:
Հող կը մտնէ, կը մեռնի,
Յետոյ դարձեալ կեանք կ’առնէ,
Աչքը յառած երկնքին,
Կը տարածուի, կը շատնայ
Կը ծնի եւ կը մեծնայ,
Ճիշտ նոյն օրն ալ` կը մեռնի,
Յետոյ դարձեալ կեանք առած
Պայծառ հագուստ կը հագնի: