«Տիգրանակերտ Պատմամշակութային Արգելոց»-ի Այցելուներուն Թիւը Աճած է
«Տիգրանակերտ պատմամշակութային արգելոց»-ին մէջ այս տարի նախորդ տարուան համեմատ շուրջ երկու անգամ աճած է այցելուներու թիւը:
Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ըսած է «Տիգրանակերտ պատմամշակութային արգելոց»-ի վարիչ Արամայիս Աղաբեկեանը եւ աւելցուցած, որ մինչեւ Հկտեմբեր 1 ունեցած են 13639 այցելու, երբ անցած ամբողջ տարին կազմած է 7965 այցելու:
Խօսելով թանգարանին մէջ առկայ նոր ցուցանմուշներուն մասին` Ա. Աղաբեկեան նշած է, որ այս տարուան պեղումներու արդիւնքով նոր համալրումներ կատարուած են:
««Տիգրանակերտ պատմամշակութային արգելոց»-ը բացառիկ թանգարան-պատմամշակութային յուշարձաններէն է, քանի որ ներկայացուած ամբողջ ցուցանմուշները Տիգրանակերտի հնագիտական վայրէն են»,- ըսած է Ա. Աղաբեկեան եւ աւելցուցած, որ թանգարանի երկու սրահներուն մէջ ալ ցուցանմուշները դասակարգուած են ըստ ժամանակագրական կարգի: Այնտեղ ստեղծուած են անհրաժեշտ պայմաններ, որպէսզի այցելուները կարենան կազմակերպել իրենց հանգիստը:


