24
Oct
Աշխարհի Առաջին Հայկական «Ճախրող» Նկարիչը (տեսանիւթ)
«IndieGoGo» հարթակին վրայ դրամահաւաքի արշաւ մը կազմակերպած «1-Ring» հայկական ընկերութիւնը, 5 օրերու ընթացքին (Հոկտեմբեր 18-էն 23) յաջողած է 81,301 տոլար հաւաքել՝ աշխարհի մէջ առաջին ճախրող նկարիչ մեքենան արտադրելու համար:
«Moon» անունով այս նախագիծին համար նախապէս յայտարարուած դրամահաւաքին թիրախը 45,000 տոլար էր:
Ընկերութիւնը կ՛առաջարկէ նկարիչի երեք տարբերակներ, որոնք յաջորդաբար 149, 199 եւ 349 տոլար կ՛արժեն:
Նկարիչ մեքենան կրնայ օգտագործուիլ որպէս տնային օգնական, ինչպէս նաև տեսազանգերու, լուսանկարներու և փոքր երեխաներուն ու կենդանիներուն հետևելու համար: