30
Oct

Քուէյթի Ազգային Վարժարանի Աշակերտները Յոյս եւ Կորով Ներշնչեցին Հիւանդներուն

Աշակերտներու ընկերային ծառայութեան ոգին զարգացնելու միտող ծրագիրներու շրջագիծէն ներս, Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2017ին Քուէյթի Ազգային Վարժարանի 12-րդ կարգի աշակերտ-աշակերտուհիները, Վարժարանիս Արաբ փոխ Տնօրէնուհի Տիկին Ռատիիա Ալ Ճաաֆարի եւ կարգ մը ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ այցելեցին «Պատրիա Ահմատ Ալ Սուպահ» հիւանդանոցի Քաղցկեղի «Ալ Ստրա» բժշկական բաժինը, ուր ծանօթացան կեդրոնի իւրաքանչիւր բաժնին, վարդեր նուիրեցին հիւանդներուն, մօտէն հետեւեցան անոնց առողջական վիճակին եւ քաջալերական խօսքերով խանդավառեցին անոնց ներաշխարհը:
Միջոցին անոնք յոյս եւ կորով ներշնչող ասացուածքներով պատրաստուած պատի թերթ մը եւ դպրոցի աշակերտներուն կողմե գծագրուած եւ դպրոցի ստորագրութիւնը կրող գեղեցիկ արուեստի կտոր մը նուիրեցին կեդրոնին։
Սոյն այցելութիւնը կեանքի հարուստ փորձառութիւն մը եղաւ աշակերտներուն համար, ուր անոնք զգացին իւրաքանչիւր հիւանդի մղած պայքարը յանուն առողջ կեանքի:
Արդ, անոնք հոգեկան մեծ բաւարարութիւն զգացին, որով քանի մը ժամուան համար կրցան ժպիտ գծագրել հիւանդներու դէմքին եւ հարստացած ներաշխարհով ու վերանորոգուած զգացումներով վերադարձան վարժարան:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...