Հատրութցի 14-ամեայ Ժասմինը Հայաստանի մէջ միակ երեխան է, որ 3 գիրքի հեղինակ է
Ժասմինը ծնունդով, հոգիով, մտքով Արցախի Հատրութ քաղաքէն է:
Այնտեղ մնացած են անոր հայրական տունը, մեծմօր-մեծհօր գերեզմանները, այնտեղ
մնացած է անոր մանկութեան այգին, խաղալիքներն ու յիշողութիւնները:
Ժասմին կ՛ըսէ, թէ «Երբ իմացայ, որ Հատրութն այլեւս թշնամիին է` այդ պահուն իմ մանկութիւնս
աւարտեցաւ»:
Ժասմին Հայրապետեան այսօր Հայաստանի միակ երեխան է, որ 14 տարեկանին արդէն 3 գիրքերու
հեղինակ է: Անոր «Սուպեր Նռանէ» վիպակը, որ սկսած է գրել 11 տարեկանին, դարձած է լաւագոյն
վաճառուող գիրքը: Հազարաւոր երեխաներ , ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Սփիւռքի մէջ ձեռք
բերած են ու կը շարունակեն ձեռք բերել այդ գիրքը: Երեւան քաղաքի եւ շրջաններու տասնեակ
դպրոցներու ու գրադարաններու մէջ «Սուպեր Նռանէ» գիրքի քննարկումներ եւ հեղինակի հետ
հանդիպումներ կազմակերպուած են, գիրքի արեւմտահայերէն տարբերակի շնորհանդէսը տեղի
ունեցած է ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ, այս պահուն գիրքը կը թարգմանուի
նաեւ ռուսերէն լեզուով:
«Նռանէն ինծի համար հայ աղջկայ, հայ կնոջ հաւաքական կերպարն է` հայրենասէր, ինքնավստահ,
երազող, նպատակասլաց, սիրող, ներող ու քաջ: Ես այդպիսին կը տեսնեմ այն հայ աղջկան, որ
տղամարդու հետ թիկունք –թիկունքի տուած կը փրկէ մեր երկիրը»,- կ՛ըսէ Ժասմին:
Քանի մը օր առաջ լոյս տեսած է Հայ-հերոսուհիի մասին այս սիրուած պատմութեան արդէն երրորդ
մասը: Եւ բնականաբար, պատահականութիւն չէ, որ այս անգամ պատմութեան հիմքը Արցախի ու
Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակն է: Այս անգամ ալ «Մութ ու չար ուժերը» մեծ ու հզօր յարձակում
գործած են «Բարիի եւ լոյսի» աշխարհի վրայ: Անոնք իրենց ճանապարհին չեն խնայեր ոչ մէկը եւ ոչ
մէկ բան,կ՛աւերեն քաղաքներն ու գիւղերը, կը սպաննեն ու կը գերեվարեն մարդոց:
Նռանէն ու Գոդը կրկին պայքարի մէջ են, սակայն այս անգամ պայքարը շատ աւելի դաժան է, որովհետեւ
«Բարիի եւ լոյսի աշխարհը» ներսէն ճեղքուած է ․կը պարզուի, որ մարդիկ կորսնցուցած են, մոռցած են
հինգ կարեւոր արժէքներու մասին, որուն պատճառով ալ թուլցած է բարութեան աշխարհի զօրութեան
դաշտն ու ներքին դաւաճաններ յայտնուած են:
Նռանէն ու Գոդը պէտք է կարենան գտնել այդ կարեւոր հինգ արժէքները եւ վերադարձնեն ատոնք մարդոց,
ու միայն ա՛յդ ժամանակ բարութեան աշխարհի զօրութեան դաշտը կը կարգաւորուի, եւ բարին կրկին
կը յաղթէ չարին: