Իննամեայ նկարիչ Ռաֆֆի Մաթեւոսեանի ցուցահանդէսը
Տաւուշի բնաշխարհն իր ամբողջ հմայքով եւ գեղեցկութեամբ արտացոլուած է իննամեայ նկարիչ Ռաֆֆի Մաթեւոսեանի նկարներուն, քանդակներուն մէջ, որոնք ցուցադրուած են Ջոտտոյի արուեստանոց-թանգարանին մէջ: Ցուցահանդէսին ընդգրկուած է քսանվեց նկար, քսան քանդակ, որոնք փոքրիկը ստեղծած է մի քանի տարուան ընթացքին:
Ցուցահանդէսը, որուն բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ մարտ 2-ին, նուիրուած է Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին անմահացած հերոսներու յիշատակին:
Ցուցահանդէսի համադրող, Քրիստինէ Սարգսեանի խօսքով` փոքրիկ նկարիչը հրաշամանուկ է, որուն գործերուն մէջ կը ներկայացուի Տաւուշը` իր վառ գոյներով:
Ռաֆֆիին հայրը գնդապետ Աշոտ Մաթեւոսեանն է, որ Արցախեան 44-օրեայ հերոսամարտի նահատակ է: Փոքրիկ արուետագէտը պատերազմը նկարագրած է միայն մէկ` «Կեանք ու կռիւ» նկարին մէջ, որ ներկայացուած է ցուցահանդէսին:
Ռաֆֆին հինգ տարեկանէն կը նկարէ, պատկերելով բնութիւնը, կենդանիները, սիրուած մանկական ֆիլմերու, որոնցմէ է «Գտնուած երազ»-ը, գիրքերու, ինչպէս «Փոքրիկ իշխանը» հերոսները, սիրով նկարած է մօր դիմանկարը: Իննամեայ նկարիչը կ՛ըսէ, որ «Սկիզբը մատիտով կը գծէի: Այդպէս հեշտ էր, իսկ երբ գոյներ օգտագործեցի, բարդացաւ: Գծած եմ մօրս՝ լուսանկարին նայելով: Մայրս հաւնած է զայն»:
Եօթ տարեկանին Ռաֆֆիին առաջին անհատական ցուցահանդէսը կազմակերպուած է: Անոր մայրը՝ Շուշանիկ Ալոյեանը կ՛ըսէ, «Ան ժամերով կ՛աշխատի, կը սիրէ գտնել նորը, հետաքրքրականը, ոեւէ մէկուն չի նմանակեր»: