30
Dec
Պեթթին Կը Շնորհաւորէ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ցիներու Ամանորը
Բարե’ւ Ձեզ իմ սիրելի’ հասակակիցներ,
Ես կը մաղթեմ, որ եկող տարի բոլորդ խաղաղ երկնքի տակ ապիք, ըլլաք այնքան շատ առողջ ու երջանիկ, ունենաք բազում յաջողութիւններ։
Կոչ կ’ընեմ իբրեւ հայ պարմանուհիի,որ կ’ապրի հայրենիքէն հեռու, ամէն մէկս մեր հերթին գիտակցինք մեր մայրենիի եւ մշակոյթի պահպանութեան կարեւորութիւնը, մեծ ուշադրութիւն դարձնենք մեր կրթութեան, որպէսզի ըլլանք անյաղթ ազգ։
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ
Բոլոր ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ցիներուն
Սիրով՝ Պեթթի