Հայկազուն Երուանդականներու Թագաւորութիւնը. Հայոց Պատմութիւն մաս Դ.

Հայկազունիներու նոր թագաւորութիւն

Հայկազուն Երուանդականներուն վիճակուած էր հռչակել Հայքի մէջ երկրորդ համահայկական թագաւորութիւնը:

Ըստ Մովսէս Խորենացիի Հայկազունիներու աւագ ճիւղի իշխանութիւնը  վերականգնուած է Հայաստանի  հարաւ-արեւմուտքը Սկայորդիի գլխաւորութեամբ:

Վերջինս այնքան  հզօրացած է, որ կրցած է ապաստան տալ իր յարկին տակ Ասորեստանի թշնամիներուն:

Սկայորդիէն ետք  իշխանական տան հզօրացմամբ կը զբաղի որդին ` Պարոյրը, որ  կը կարենայ իր իշխանութեան մէջ ներառել

Վանայ լիճէն մինչեւ Եփրատ ինկած ամբողջ տարածքը: Ան դաշինք կը կնքէ Բաբելոնի եւ Մարաստանի հետ ընդդէմ Ասորեստանի:

Դաշնակից զօրքերը Ք․Ա․ 612 թուականին կը գրաւեն Ասորեստանի մայրաքաղաք Նինուէն:

Եւ ատկէ յետոյ Մարաստանի թագաւորի կողմէ Պարոյրը կը հռչակուի Հայաստանի Թագաւոր:

Պարոյրին կը յաջորդէ Երուանդ Ա Սակաւակեացը (Ք․Ա․ 580-570 թթ․): Նոյն անոր անունով ալ թագաւորութիւնը կը կոչուի Երուանդունիներու:

Երուանդ Սակաւակեացի օրօք զօրքի թիւը կը հասնի 48 հազարի, որը այն ժամանակ մեծ ռազմական ուժ էր:

Անոր օրօք երկրի սահմանները  հիւսիսէն կը հասնէին Կուր գետ եւ Սեւ ծով, արեւելքէն` Մարաստան, հարաւէն` Հիւսիսային Միջագետք,  իսկ արեւմուտքէն ` Կապադովկիա:

Երուանդունիներու թագաւորութիւն

 

Երուանդ Սակաւակեացին կը յաջորդէ որդին` Տիգրան Երուանդեան (Ք․Ա․ 570-525թթ․): Մովսէս Խորենացի անոր կը համարէ Հայկէն ու Արամէն յետոյ ամենաքաջ Հայկազունին:

Ք․Ա․ 553 թուականին Տիգրան կ՛աջակցի պարսից արքայ Կիւրոս Մեծի ապստամբութեան Մարաստանը տապալելու համար,

քանի որ վերջինս մասնակի կրցած էր իր գերիշխանութիւնը տարածել Հայաստանի մէջ: Կիւրոս Մեծը կը յաղթէ, կը ստեղծէ Արքեմէնեան Պարսկաստան մեծ տէրութիւնը,

իսկ Հայաստանի մէջ կը վերահաստատուի Հայկազունիներու գերիշխանութիւնը:  Տիգրանի իշխանութիւնը բացի Հայաստանէն կը տարածուի Վիրքի,

Աղուանքի եւ Կապադովկիոյ վրայ մինչեւ Ք․Ա․ 522 թուական:

Տիգրան Երուանդեան եւ Կիւրոս Մեծ

Տիգրանին կը յաջորդէ անոր աւագ որդին Վահագնը, որուն կոչած են ի պատիւ ռազմի աստուած Վահագնի:

Ք․Ա․ 522 թուականին Արքեմէնեան տէրութեան մէջ կը սկսին գահակալական կռիւներ, որոնք կ՛աւարտուին Արքեմէնեան տոհմի ներկայացուցիչ Դարեհ Ա-ի յաղթանակով:

Սակայն Դարեհի դէմ կ՛ապսատմբին տէրութեան կազմին մէջ գտնուող շատ երկիրներ: Հայաստան նոյնպէս չի ճանչնար անոր իշխանութիւնը:

Դարեհ Ա.

Դարեհ Ա. կը սկսի պատերազմներ  իր հակառակորդներուն դէմ, որոնց մասին կը պատմէ իր Բեհիսթունեան արձանագրութեան մէջ,

որուն պարսկերէն բաժինին մէջ Հայաստանը կը կոչուի Արմինա, էլամերէնով` Հարմինուեայ, բաբելերէնով` Ուրարտու:

Դարեհը Հայաստան դժուարութեամբ կը կարողանայ գրաւել, հազիւ 5-րդ արշաւանքէն ետք:

Ք․Ա․ 521 թուականին Հայաստան, թէեւ կը ճանչնայ  Արքեմէնեան իշխանութիւնը,  Երուանդունիները կը շարունակեն պահպանել լիակատար ներքին ինքնուրոյնութիւն:

Ք․Ա․ 520 թուականին Արքեմէնեան տէրութիւնը կը բաժանուի սատրապութիւններու: 

Հայաստանը 13-րդ սատրապութիւնն էր եւ այդ կարգավիճակով տէրութեան կազմին մէջ կը մնայ մինչեւ Ք․Ա․ 331 թուական:

Ք․Ա․ 336 թուականին Արքեմէնեան տէրութեան գահին կը բարձրանայ վերջին գահակալ Դարեհ Գ., որ մինչ այդ Հայաստանի սատրապն էր:

 

Նոյն թուականին Հայաստանի սատրապ կը դառնայ Երուանդ Գ., որ ալ յետագային կը վերահաստատէ Մեծ Հայքի անկախութիւնը:

 Ճիշդ նոյն տարին Մակետոնիոյ մէջ գահ կը բարձրանայ քսանամեայ  Ալեքսանտր Մակետոնացին, որուն վիճակուած էր դառնալու համաշխարհային տիրակալ:

Ք․Ա․ 334 թուականին ան պատերազմ կը սկսի Արքեմէնեան տէրութեան դէմ: Վճռական ճակատամարտը տեղի կ՛ունենայ

Ք․Ա․ 331 թուականին հոկտեմբեր 1-ին Գաւգամելայի դաշտին մէջ:  Արքեմէնեան զօրքերը կը պարտուին, ու ատիկա կը վճռէ երկրի ճակատագիրը:

Դարեհ Գ. փախուստի կը դիմէ, իսկ տէրութիւնը կը գրաւուի Մակետոնացի զօրքերուն կողմէն:

Ատկէ յետոյ Երուանդ Գ. եւ Միրթրաուստեսը, որոնք կը ղեկավարէին արքեմէնեան զօրքի աջ թեւը կը վերականգնեն

Հայաստանի անկախութիւնը, Երուանդ Գ.` Մեծ Հայքին մէջ, Միթրաուստեսը` Փոքր Հայքին: Ի դէպ  այս ճակատամարտի առնչութեամբ 

առաջին անգամ կը յիշակատուի Մեծ եւ Փոքր Հայքերը որպէս առանձին վարչաքաղաքական միաւորներ:

Յետագային Մակետոնացիի տէրութիւնը բաժանուեցաւ   քանի մը մասի, որոնցմէ ամենախոշորը Հայաստանի հարաւը գտնուող Սելեւկեան պետութիւնն էր:

Սելեւկեան պետութիւնը Ք․Ա․ 3-րդ դարուն փորձեց իրեն ենթարկել Հայաստանը, սակայն Մեծ եւ Փոքր Հայքերը կը գործէին միասնաբար:

Երուանդ Գ-ին, յաջորդեց Շամը (Ք․Ա․ 260-240թթ․): Շամ կը հատէ մեզի հասած առաջին արքայական դրամները: Անոր օրօք կը կառուցուի Կոմագենէի Սամոսատ քաղաքը:

Շամին կը յաջորդէ Արշամը   (Ք․Ա․ 240-220թթ․): Արշամի օրօք կը կառուցուի Ծոփքի Արշամաշատ քաղաքը:

Արշամէն յետոյ Հայաստան կը սկսի անկման ուղին բռնել: Ատկէ օգտուելով` Սելեւկեան զօրքերը հայազգի զօրավարներ

Արտաշէսի եւ Զարեհի գլխաւորութեամբ կ՛արշաւեն Հայաստան: Այդ ժամանակ թագաւոր  դարձած էր Երուանդ Դ Վերջինը(Ք․Ա․ 220-201 թթ․):

Երուանդ վերջինը կը զոհուի մայրաքաղաք Երուանդաշատի պաշտպանութեան ժամանակ:

Անկում կ՛ապրի    նաեւ հոգեւոր կեդրոն Բագարանը: Եւ Ք․Ա․201թուականին այսպիսով վերջ կը  տրուի Համահայական Երկրորդ թագաւորութեան:

Արտաշէսը Մեծ Հայքի մէջ, իսկ Զարեհը Ծոփքի՝ կը նշանակուին սելեւկեան կառավարիչներ:

Նիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար պատրաստեղ՝

Մանէ Խաչատրեան

ՀԱՅԵՐՈՒ ԾԱԳՈՒՄԸ (ԱՒԱՆԴԱԶՐՈՅՑՆԵՐ). ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԱՍ Ա.

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐԸ. ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԱՍ Բ.

ՎԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԱՍ Գ.

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...