Գամիշլիի Մանկապարտէզի Աշակերտները Նշեցին Ս. Զատիկը
Մարտ 28- ին Գամիշլիի Ազգային Եփրատ Մանկապարտէզի մանուկները հաճելի եւ զուարճալի մթնոլորտով նշեցին Սուրբ Յարութեան տօնը, այդ առիթով կազմակերպուած խրախճանքին ներկայ էր Ճէզիրէի Առաջնորդական փոխանորդ... Read More
Նարօտ Տումանեանի Ցուցահանդէսին Բացումը Յորդանանի Մշակոյթի Նախարարի Հովանաւորութեամբ
Երեքշաբթի, Ապրիլ 10-ին, Յորդանանի թագաւորական մշակութային կեդրոնին մէջ, տեղի պիտի ունենայ 16-ամեայ հայուհի Նարօտ Տումանեանի «Արուեստի սերմեր» խորագիրը կրող նկարչական ցուցահանդէսը՝ հովանաւորութեամբ Յորդանանի մշակոյթի նախարար... Read More
Պատանի Տարօն Եագուպեան` Լոս Անճելըսի Միջազգային Գիտական եւ Ճարտարագիտական Տօնավաճառի Յաղթող
Լոս Անճելըսի Յովսէփեան հայկական դպրոցի 7-րդ դասարանի աշակերտ Տարօն Եագուպեան առաջին տեղի գրաւած է Լոս Անճելըսի միջազգային գիտական եւ ճարտարագիտական տօնավաճառին: Տարօնը ներկայացուցած է արեւային... Read More
Այցելութիւն Ծովային Կենդանիներու Թանգարան
Հինգշաբթի, 22 Մարտ 2018-ին, Լիբանանի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Դ. դասարանի աշակերտները այցելեցին «Les merveilles de la mer» ծովային անասուններու թանգարանը (Ժտէյտի) եւ ծանօթացան... Read More
Հալէպի Ազգ. Մանկապարտէզի Փոքրիկները Նշեցին Մայրերու Տօնը
Երեքշաթբի, 20 Մարտ 2018-ին, Հալէպի Ազգ. Մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց մայրերը հրաւիրեցին դպրոց՝ գեղարուեստական յատուկ յայտագիրով անոնց տօնը շնորհաւորելու համար: Փոքրիկները, մանկապարտիզպանուհի Նուշիկ Օհանեան-Չաքրեանի եւ Մանկապարտէզի... Read More
Բարբառի Մրցոյթ Այնճարի Մէջ
Ուրբաթ 16 Մարտ 2018-ին , Այնճարի ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլէճի ատենամարզանքի պահուն, տեղի ունեցաւ Մուսա լերան բարբառի մրցոյթը, որ պատրաստուած էր վարժարանի նախկին ուսուցչուհիներէն՝ Տիկ.... Read More
Ասմունքի Մրցոյթ Քալիֆորնիոյ Մէջ
Մարտ 13-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան 100 ամեակի առիթով, Քալիֆորնիոյ մէջ, հայկական 9 վարժարաններու միջեւ տեղի ունեցած է ասմունքի մրցոյթ, որուն ընթացքին 4-րդ և 5-րդ կարգերու առաջին... Read More
«Ձմեռը Ջաւախքի Մէջ» Խորագիրով Նկարչական Ցուցահանդէս Ջաւախքի Մէջ
Փետրուար 25-ին, Ռաֆայէլ Ջաւախք կրթամշակութային երիտասարդական կեդրոնին մէջ կազմակերպուեցաւ «Ձմեռը Ջաւախքի մէջ» խորագիրով նկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէս: Խմբակի ղեկավար Ռուզաննա Սիրականեան՝ երկու ամսուան ընթացքին՝ լուրջ աշխատանք... Read More
Ախալքալաքցի Մարզիկը Գրաւած է Առաջին Տեղը՝ Պուլկարիոյ Մէջ Կայացած Յունահռոմէական Ոճի Ըմբշամարտին
Օրերս Պուլկարիոյ մայրաքաղաքին մէջ կայացած է յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Պուլկարիոյ երիտասարդական առաջնութիւնը: 72 քկ քաշային կարգի մէջ, փայլուն հանդէս եկած է 22-ամեայ ախալքալաքցի Հայկ Մնացականեանը,... Read More
Ախալցխայի Թիւ 3-րդ Հանրային Դպրոցին Մէջ Նշեցին Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օրը (տեսանիւթ)
Մայրենի լեզուի տօնը, Ախալցխայի թիւ 3-րդ հանրային հայկական դպրոցին մէջ, տարբեր մշակութային եւ գրական-գեղարուեստական ձեռնարկներով նշեցին: